ՌԴ ԱԳՆ պաշտոնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան մտահոգություն է հայտնել Ադրբեջանի տեղեկատվական դաշտում Ռուսաստանի հանդեպ ոչ բարեկամական թեզերի առնչությամբ: «Ադրբեջանցի գործընկերներին բազմիցս առաջարկել ենք հանգիստ պայմաններում, առանց քաղաքականացման ու մեդիա աղմուկի, ոլորտային խորհրդակցությունների միջոցով քննարկել տեղեկատվական դաշտի առողջացման հարցերը»,- նշել է Զախարովան։               
 

«Հայութիւնը կեանք Է»

«Հայութիւնը կեանք Է»
21.08.2026 | 16:07

«Իմ ծնողներս Մարաշէն եկած են»:

«Իմ մեծ ծնողներս` Ատանայէն, Այնթապէն, Հաճընէն…»:

Առաջին անգամն է, որ կ՛այցելէի հայկական գաղութներ, ուր հայեր յաճախակիօրէն կը յիշէին իրենց պապենական արմատները` առնչելով իրենց ինքնութիւնը պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հետ: Այս իրականութիւնը ապրեցայ Պրազիլի եւ Ուրուկուէյի մէջ: Լատին Ամերիկայի հայկական իրականութիւններու մէկ յատկանիշն է, որ ինծի մտածել տուաւ հայուն արմատներու պահպանումը եւ անոր հետ իրենց ճանաչողութիւնը:

Սան Փաուլօ, Պրազիլ, յուլիս 22-28, 2026:

Եթէ Միջին Արեւելքը աշխարհագրականօրէն շատ հեռու է Պրազիլէն, բայց անոր ֆութպոլի եւ սուրճի մշակոյթը մօտեցուցած է մեզ իրարու: Ու տակաւին, կան ընկերային կեանքի կենցաղները եւ ջերմութիւնը, ուր շատ մը երեւոյթներու մէջ նմանութիւններ ունինք: Եւ այս ջերմութեան մէջ էր, որ նաեւ առնչուեցայ տեղւոյն հայկական իրականութեան հետ, որ կը հաշուէ մօտաւորապէս 50.000 անդամ: Հայեր սկսած են Պրազիլ հաստատուիլ Ցեղասպանութենէն ետք:

Կիրակի, 26 յուլիսին ներկայ գտնուեցայ Հայ աւետարանական (Երիցական) եկեղեցւոյ պաշտամունքին: Թէեւ քարոզեցի հայերէնով, բայց պէտք էր խօսածս թարգմանուէր փորթուգալերէնի: Յստակ երեւոյթ է, որ արեւմտահայերէնը կը կորսնցնէ իր ուժգնութիւնը: Պաշտամունքէն ետք շատ հաճելի էր հանդիպիլ ժողովուրդին եւ յատկապէս տարեց սերունդի անդամներուն հետ:

Էլիզէօ Աստուրեանը 94 տարեկան է եւ ծնած է Սան Փաուլօ: «Հայրս Հալէպէն եկած է, մայրս Պէյրութէն` 1926-ին», ըսաւ Էլիզէոն: Ան ուսանած է փաստաբանութիւն, բայց ետքը զբաղած է կօշիկի վաճառականութեամբ: Նշմարեցի, որ հայեր Պրազիլի մէջ եղած են հմուտ կօշկակարներ եւ այդ նոյն ասպարէզի վաճառականներ:

Էլիզէօ Աստուրեան կը խօսի հայերէն, որովհետեւ ընտանիքը ազգային հոգիով մեծցուցած է զինք: «Հօրեղբայրս անդամակցած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ ինծի Հայոց պատմութենէն դրուագներ կը պատմէր: Այս իմաստով հայութիւնը ինծի համար կեանք է», շարունակեց ան:

Եւ չուշացաւ Սոնա Էմիրզեանի ներդրումը: Պէյրութ ծնած եւ 1936-ին Պրազիլ հաստատուած Սոնան թեւակոխած է 92 տարիքը: «Հայ ըլլալը զօրութիւն է ինծի համար», ըսաւ ան:

Տարեց հայ սերունդը, որ արդէն հասած է իր կեանքի վերջալոյսին, հեռաւոր Պրազիլի մէջ տակաւին կ՛ապրի հայկական կեանքով եւ զօրութեամբ:

Արմէն Ճէհտեանը ծնած է Պէյրութ եւ 1979-ին հաստատուած է Պրազիլ: Սան Փաուլոյի մէջ հայկական դպրոց յաճախած է: Արմէն կը խօսի հայերէն եւ արաբերէն: Լիբանանի ջերմութեամբ ապրող Արմէնը կը յիշէ Պէյրութի իւրաքանչիւր փողոցը: «Հայկական ինքնութեան հետ իմ կապս Պէյրութէն կը ստանամ», ըսաւ Արմէն:

Ան ապրած է Պէյրութի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիները, բայց այդ մէկը պատճառ չէ եղած, որ Լիբանանը անոր վրայ վատ տպաւորութիւններ ձգէ: «Մօրաքոյրս եւ ընտանիքը տակաւին Պէյրութ կ՛ապրին, եւ շաբաթը քանի մը անգամ կը խօսիմ իրենց հետ», ըսաւ Արմէն:

Ան կը գիտակցի, որ սփիւռքը պէտք է զօրացնել: «Սփիւռքը շատ կարեւոր է հայուն գոյատեւումին համար եւ նոյնքան նաեւ` Հայաստանի հզօրացման», ըսաւ ան:

Արմէն Ճէհտեանը սփիւռքահայ այն անձն է, որ կ՛ապրի քանի մը հայրենիքներով: Կրցած է կամրջել այս հայրենիքները եւ անոնցմէ եկած ինքնութիւնները ու կազմած` սփիւռքահայու օրինակելի նկարագիր:

Վարդան Մոմճեանը ծնած է Սան Փաուլօ: Աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Սան Փաուլոյի հայկական գաղութին մէջ` ստանձնելով նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ատենապետութիւնը:

Ան թէեւ «կամաց-կամաց» կը խօսի հայերէն, բայց իր սրտին մէջ կայ մեծ սէր եւ նոյնքան մտահոգութիւն` հայկական իրականութիւններուն նկատմամբ: «Մեզի համար առաջին բանը խօսիլը չէ, այլ ինչ որ ունինք սրտերնուս մէջ` մեր ազգին եւ հայրենիքի նկատմամբ», ըսաւ Մոմճեան: Ան չվարանեցաւ բաժնեկցելու իր մտածումները Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Այցելած է Հայաստան եւ կրցած է իր տեսակէտները կազմել` մեկնելով իր տեսածէն եւ փորձառութենէն: «Հայաստանը մեզի կը նայի իբրեւ ոչ ամբողջական հայեր», ըսաւ Վարդան: «Հայաստանի հայերը կը մտածեն, թէ մենք` սփիւռքահայերս, զիրենք լքած ենք», շարունակեց ան: Վարդան Մոմճեան խօսեցաւ նաեւ ներկայ օրերու եկեղեցական տագնապի մասին: «Մեր պատմութեան ընթացքին Եկեղեցին եւ պետութիւնը միշտ ալ միասին գործած են: Եւ մենք սորված ենք պատմութենէն, թէ ինչպէ՛ս Վարդան Մամիկոնեանն ու Ղեւոնդ Երէցը միասին էին հայուն պայքարին մէջ», ըսաւ ան:

Վարդան կը հաւատայ, որ սփիւռքը պիտի մնայ: «Սփիւռքը պէտք է վերակազմակերպենք: Հայաստանի ճակատագիրը, չեմ գիտեր, ի՛նչ կրնայ ըլլալ գալիք օրերուն: Այդ պատճառով ալ սփիւռքի մէջ մենք պէտք է կերտենք միասնականութիւն», շեշտեց ան:

Երկուշաբթի, 27 յուլիսին Սան Փաուլոյի Հայոց առաջնորդարանի սրահին մէջ տուի դասախօսութիւն մը` սփիւռքեան իրականութիւններու մէջ ազգային ինքնութեան եւ անոր պահպանման մասին: Ներկայ էր հետաքրքրասէր հայ հասարակութիւն մը: Դասախօսութենէն ետք տոքթ. Փետրօ Մխիթարեան` միջին տարիքի հայ մը, մօտեցաւ ինծի: Աչքերուն մէջ կար յուզում, որ մեր խօսակցութեան ընթացքին վերածուեցաւ նաեւ արցունքի: Փետրոն հայերէն չէր խօսեր, բայց երեւի ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը այդ օր զինք խթանած(՞) էր: «Այսօր շատ արժէքներ ապրեցայ», ըսաւ Փետրօ: Ան ուզեց իր երախտագիտութիւնը յայտնել` ինծի նուիրելով իր հօր` Նշան Մխիթարեանի գիրքը` Զէյթունի հայոց պատմութիւնը փորթուգալերէն լեզուով:

Գիրքը ընդունեցի մեծ հպարտութեամբ` անկախ անկէ, որ լեզուն չեմ հասկնար: Այս գիրքին միջոցով երկու սփիւռքահայեր` Փետրոն եւ ես, մեր ազգային ինքնութեան կանչը կամրջեցինք անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրինք: Մեր երկուքը միացնող օղակը հայուն ժառանգութիւնն է:

Երբ բացի գիրքը եւ տեսայ իր հօր նկարը` ուրախութիւնս աւելիով բազմացաւ: «Ես քու հօրդ ծանօթացած եմ-, ըսի Փետրոյին: -Երբ տարիներ առաջ կ՛այցելէի Սան Փաուլօ, հօրդ հանդիպեցայ հայկական կեդրոնին մէջ, եւ հոն իմացուց, թէ կ՛աշխատի Զէյթունի հայոց պատմութիւնը գրելով: Շատ ուրախ եմ, որ այսօր կը տեսնեմ այդ գիրքը հրատարակուած, թէկուզ որ հայրդ մեկնած է այս աշխարհէն»:

Հայուն պատմութիւնն է, որ կը շարունակուի:

Վարդինէ Պոհճալեանը ծնած է Սան Փաուլօ: Հայրը եկած է Եգիպտոսէն, մայրը` Յունաստանէն: Ընտանիքէն ժառանգած է ազգային ինքնութիւն եւ անոր նկատմամբ մեծ հպարտութիւն: Վարդինէն կը խօսի շատ լաւ հայերէն եւ կը ծաւալէ աշխուժ գործունէութիւն հայկական գաղութիւն մէջ, ի մասնաւորի` Համազգային մշակութային միութեան ճամբով: Կ՛աշխատի պատկերասփիւռի կայանին մէջ եւ կը պատրաստէ յայտագիրներ, որոնց ընդմէջէն նաեւ կը ծանօթացնէ հայուն պատմութիւնը, մշակոյթը եւ Հայաստանը: Ամուսնացած է Լիբանանէն գաղթած Սագօ Գալայճեանին հետ եւ կազմած` ընտանիք:

«Տան մէջ բոլորս ալ հայերէն կը խօսինք», ըսաւ Վարդինէ: «Մայրս կը հաւատար, որ հայ մեծնալու համար պէտք է ապրինք Հայ եկեղեցւոյ եւ դպրոցին մօտ: Այս իմաստով մինչեւ այսօր մենք կ՛ապրինք եկեղեցւոյ մօտ, թէեւ շատ առիթներ ունեցանք աւելի լաւ շրջաններու մէջ տուն ունենալու»:

Հայութիւնը «կ՛եռայ» Վարդինէին մէջ: «Հայ ըլլալը կարեւոր է եւ հոս` Պրազիլի մէջ, ամէն օր ինքնութիւնդ պէտք է փաստես», ըսաւ ան` շեշտելով. «Հայ ըլլալը ինծի համար եղաւ պայքար մը»: Հայու այս պայքարը Վարդինէ Պոհճալեանը դարձուցած է զօրաւոր եւ ուժեղ հայ: Պրազիլի ստեղծած ջերմ մթնոլորտին մէջ Վարդինէն յաջողած է կամրջել իր հայկական եւ պրազիլական ինքնութիւնները:

Վարդինէն մէկ լաւ ու ապրող օրինակն է սփիւռքահայու մղած ինքնութեան պայքարին:

Հրայր Շահինեանի հետ ունինք ընտանեկան երկար տարիներու բարեկամութիւն` սկսելով Հալէպի օրերէն: Արդէն անցած են աւելի քան 60 երկար տարիներ, որ ան գաղթած է Հալէպէն: Երբ Հրայր հայերէն խօսի, կը կարծես, թէ միայն երէկ է, որ եկած է այս երկիրը: Այնքան ջերմ ու հարազատ են` անոր լեզուն, ինքնութիւնը եւ հաղորդականութիւնը:

«Հայաստանի Օշական գիւղէն տուն մը գնեցի», ըսաւ Հրայր: Իմ այս այցելութեանս Հրայրին այս նախաձեռնութիւնը նորութիւն էր ինծի համար: Պրազիլէն մինչեւ Օշական գիւղը եւ Հրայրի տեսլականը` տուն մը ունենալ Մեսրոպ Մաշտոցի գիւղին մէջ: «Երբ Օշականի տանս մէջ ըլլամ, Քեսապը կը յիշեմ», նշեց ան: Քեսապէն մինչեւ Օշական ու Սան Փաուլօ: Հրայրին հայու հոգին է, որ կ՛ապրի զօրեղ կերպով:

Նորայրը Հրայրի երիտասարդ եւ տաղանդաւոր զաւակն է, որ ժառանգած է իր ընտանիքի լուսանկարչութեան արհեստը: Նորայրը հրատարակեց իր երկրորդ լուսանկարներու հատորը` «Պարապութեան ուժը» խորագիրով: Գիրքը, որ նկարներու հարուստ հաւաքածոյ մըն է, կը պարփակէ պատմական Հայաստան Նորայրի տուած այցելութիւնը եւ հոն իր ոսպնեակին որսացած նկարները: Երեք լեզուներով հրատարակուած այս գեղեցիկ գիրքը ինծի նուիրեց եւ մակագրեց. «Միշտ հայ…»:

Որքա՜ն հայկական տաղանդ եւ միտք կայ հայկական սփիւռքներու մէջ:

Մոնթէվիտէօ, Ուրուկուէյ, յուլիս 28-օգոստոս 3, 2026:

Պրազիլ այցելած եմ քանի մը անգամ, բայց` ոչ Ուրուկուէյ: Ոչ մէկ պատկերացում ունէի, թէ ի՛նչ տեսակի երկիր մը պիտի այցելէի: Ուրուկուէյ` Հարաւային Ամերիկայի ծայրագոյն հարաւը, որ «ճզմուած» է աշխարհագրականօրէն Պրազիլի եւ Արժանթինի նման հսկայ պետութիւններու մէջ, բայց իր բնութիւնը ու ժողովուրդին ջերմութիւնը կ՛ապրեցնէ զինք: Ուրուկուէյ օժտուած է ովկիանոսով, որուն գեղեցկութիւնը կը զգլխէ եւ կ՛անցնի ամէն միտք եւ երեւակայութիւն:

Հայկական իրականութիւնը կը հաշուէ մօտաւորապէս 15.000 անդամ: Գաղութը կեդրոնացած է մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյի մէջ, ուր կան երեք հայ եկեղեցական համայնքներ` առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական: Հայկական կուսակցութիւնները եւ միութիւնները կը փորձեն զարկ տալ հայկական կեանքին, որ ունի երկու հայկական դպրոց` մինչեւ նախակրթարան:

Ալեխանտրօ Դանիէլեանը գաղութի աշխուժ եւ գործունեայ անդամներէն է: Հայերէն կը խօսի, բայց յանդգնեցաւ ըսելու, որ իր միւս գործակիցները շատ լաւ չեն խօսիր: «Հրաշք գաղութ է,- ըսաւ Ալեխանտրօ,- բայց իմ բարեկամներս եւ գործակիցներս հայերէն շատ չեն խօսիր»: Մեր հանդիպման ընթացքին խօսեցանք անգլերէն` իբրեւ միացնող լեզու: Ալեխանտրոն եւ անոր գործակիցները Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան վարչութեան անդամներն են, որոնց հետ խօսեցանք գաղութի ներկայ օրերու հրամայականներու մասին: Շատ հետաքրքրական էր լսել իրենց ծրագիրներուն մասին, թէ ինչպէ՛ս կ՛ուզէին հայկական իրականութիւնը դնել ներկայ օրերու սփիւռքներու ստեղծած ընկերա-մշակութային գործօններու լոյսին տակ:

Ուրուկուէյ առաջին պետութիւնն էր, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 1965 թուականին: Այս իմաստով հայը «անծանօթ» մը չէ Ուրուկուէյի մէջ:

Կուսթաւօ Վանէսգայեանը համբաւ վաստակած քաղաքական լրագրող է: Ան ճանչցուած է երկրին մէջ իր հաղորդումներուն ճամբով, ուր կը կատարէ հարցազրոյցներ քաղաքական հեղինակաւոր դէմքերու, մինչեւ երկրի նախագահին թէ պետական այլ աւագ պաշտօնատարներու հետ:

Կուսթաւօ լաւ հայերէն կը խօսի: Մայրը եղած է ուսուցչուհի եւ գաղթած է Դամասկոսէն: Հօրենական կողմէ մեծ հայրը եկած է Հայաստանէն: «Տան մէջ մինչեւ 5 տարեկան միայն հայերէն կը խօսէինք», ըսաւ Կուսթաւօ:

Ան պատմեց իր մանկութենէն մէկ զուարճալի դրուագ: «Երբ մանկապարտէզ գացի, օր մը ջուր ուզեցի: Եւ քանի որ սպաներէն չէի գիտեր, հայերէնով ջուր ուզեցի: Չհասկցան զիս եւ չտուին: Ես սկսայ լալ, մինչեւ որ մայրս ստիպուած դպրոց եկաւ, որպէսզի ուսուցչուհիներուն բացատրէ, թէ ջուր կ՛ուզեմ պարզապէս»:

Կուսթաւօ նոյնքան կը խօսի հայուն պատմութեան մասին եւ Ցեղասպանութեան իրողականութիւնը աւելիով հաստատելու երկրին մէջ: Ան հաւատացեալ է եւ իր քրիստոնէական հաւատքը կը վկայէ ու կը բաժնեկցի ըստ պատշաճի` իր հարցազրոյցներուն ընթացքին:

Տիեկօ Գարամանուկեանը Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան միջոցով կը տանի ազգային լայն գործունէութիւն: Ան կը հաւատայ ազգին ծառայելու տեսլականին: «Հայ ազգին պատկանելիութիւնս իմ ինքնութիւնս է», ըսաւ ան:

Տիեկօ շատ բան կը պարտի իր ծնողքին ու հայ դպրոցին, որոնք ազգային սէր եւ գիտակցութիւն փոխանցեցին իրեն: Բարձրագոյն ուսում չէ ստացած, բայց ինքնաշխատութեամբ դաստիարակած է ինքզինք: Տիեկօ կը հաւատայ մայրենիին պահպանման, հայրենիքի գիտակցութեան եւ հողի կարեւորութեան: Այս բոլորին համար ան ունի մեծ սէր:

«Ծրագրուած աշխատանքի պէտք ունինք, կ՛ըսէ Տիէկօ: – Մեր ազգային հաստատութիւնները քով-քովի պէտք է բերել, որպէսզի գործ մէջտեղ հանենք»: Ան շաբաթական դրութեամբ հայկական յայտագիր կը վարէ տեղական ռատիոժամէն:

Սփիւռքը այսօր պէտք ունի «գործ մէջտեղ հանելու» իրականութեան:

Իսկ գործը… Հայը սփիւռքի մէջ հայ պահելն է` մեկնելով ներկայ օրերու պարտադրած շատ մը տուեալներէն:

Եւ գործը կ՛իրականանայ, երբ կայ հայ միտքերու եւ կարողականութիւններու համադրումը:

Սփիւռք-սփիւռքները պիտի մնան: Միջին Արեւելքէն մինչեւ Եւրոպա, Ամերիկաներ եւ ամէն տեղ:

Եւ մնալու ու պահելու համար մենք պէտք ունինք ծրագրուած աշխատանքի:

Հայութիւնը կեանք է:

Էլիզէոյին կեանքը, բայց նոյնքան նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը:

Այս կեանքն է, որ պիտի պահենք, կերտենք եւ շարունակենք:

Եւ պահելու, կերտելու եւ շարունակելու համար հայը պէտք է գործի լծուի:

Օգոստոս, 2026

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Լուսանկարներ

. .
Դիտվել է՝ 446

Մեկնաբանություններ